ًTomorrow Aztag's website will come out with a new look - Վաղը Ազդակի կայքէջը` նոր երեւոյթով

Ազդակի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Պրն. Վահրամ Էմմիեան արդէն յայտնած էր թէ կայքէջը նոր տեսքով պիտի ներկայանայ մօտ օրէն, եւ ահա Ազդակ այսօր կը յայտարարէ թէ վաղը առտու իրենց կայքէջը նոր ձեւով պիտի յայտնուի իր կարդացողներուն:

Քաջալերական է, գովելի է, ու սա յառաջացում մըն է:
Ինչպէս հաղորդած էինք, «Ազդակ»ի հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով որոշուած էր հիմնովին վերաձեւաւորել «Ազդակ»ի կայքէջը։ Խմբագրութիւնը բազմաթիւ առաջարկներ ստացած էր եւ կը շարունակէ ստանալ մեր թերթի ելեկտրոնային հրատարակութեան ներկայացման ձեւերուն մասին։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանքներէ ետք «Ազդակ»ի կայքէջը իր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայանայ բոլորովին նոր ձեւաւորումով։
Արդարեւ, վաղը կանուխ առաւօտուն կայքէջին միացողները պիտի տեսնեն բոլորովին նոր տեսքով եւ դրութեամբ կայքէջ մը։ «Ազդակ» փորձեց քայլ պահել լրագրական կայքէջերու համակարգչային ծրագիրներուն եւ ձեւաւորումներուն հետ։
4 տարուան կեանք ունեցող «Ազդակ»ի կայքէջը հիմնովին ծառայեց մեր թերթի հասանելիութեան տարողութեան բարձրացման աշխատանքին։ Շատեր, մանաւանդ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու ծրագիրներուն եւ ձեւաւորումներուն մօտէն հետեւողներ, նկատած էին, որ մեր կայքէջը, հակառակ ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ աշխատելուն, հեռու է տեղեկատուական հրատարակութիւններու կայքէջի բնոյթէն եւ ձեւէն։
Այս տնօրինումը անհրաժեշտ էր ըստ ամենայնի։ Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ այս մարզին մէջ արհեստավարժութեան նոր հանգրուան նուաճած ըլլալու։ Ապահովաբար քայլ մը յառաջ ենք սակայն դէպի այդ առաջադրանքը։
Մեր կայքէջը անշուշտ կատարելագործման տեղ ունի տակաւին։ Կայքէջի այս նոր ներկայացումի քայլը ներառած է նաեւ տպագիր թերթին ներկայ ձեւաչափը («Փի. Տի. Էֆ.» ֆորմաթով)։ Այս մէկուն նկատառումը յատկապէս այն ընթերցողներուն համար էր, որոնք երկար ատենէ ի վեր կը դիմեն մեզի թերթի ա՛յս տարբերակը ելեկտրոնային ձեւով տրամադրելի դարձնելու առաջարկով։ Հիմնական այլ նորութիւնը այն է, որ կայքէջին վրայ կ՚աւելնայ որեւէ թեմայի մասին նիւթ փնտռելու կարելիութիւնը՝ անշուշտ հայատառ ձեւով։
Անմիջական ծրագիրներու առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ նաեւ «մալթի միտիա» բաժինի զարգացումը, որ կարելիութիւն պիտի տայ մեր ընթերցողներուն կարդալու առընթեր դիտելու նաեւ մեր հարցազրոյցները, լսարանները եւ մամուլի նիւթերու առնչուած քննարկումները։
Պէտք է արձանագրել, որ նոր կայքէջի իրականացումը արգասիքն է հաւաքական աշխատանքի։ Համակարգչային ծրագիրի կիրարկումը կատարեց Գէորգ Ալթունեան, էջադրումն ու ձեւաւորումը իրականացուց Սերուժ Պաղտասարեան, իսկ աշխատանքը վերահսկեց «Ազդակ»ի «մալթի միտիա»ի բաժինի համակարգող Ժիրայր Պէօճէքեան։ Նոր
կայքէջի հովանաւորն է «Կալի էքսէսըրիզ» ընկերութիւնը։
Մեր ակնկալութիւնն է, որ կայքէջի այցելուները ելեկտրոնային նամակի ճամբով խմբագրութեան յղեն իրենց առաջարկները, դիտողութիւններն ու տպաւորութիւնները, որոնք անպայման նկատի կ՚առնուին «Ազդակ»ի կայքէջի պատասխանատուներուն կողմէ։
Մինչ այդ բարի այցելութիւն եւ բարի ընթերցում։

«Ա.»