Aztag editors will meet with Chanitz.com editors

Based on the Aztag Newspaper's announcement, Aztag editors will meet with the youth editors of Chanitz.com blog. This is a nice gesture and a great initiative from the editors of Aztag to get to know more about the work done through this youth blog.
The article below mentions about the general meetings to be held soon with the many different youth editors working within the Armenian community.

Here's the translation of the Armenian sentence highlighted by us in blue:
"Quickly, the Aztag editors will have a discussion meeting with the editors of the website of the Armenian Evangelical Youth Union."

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՏԱՐՐԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ՝ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երիտասարդական խաւը «Ազդակ»ի զանազան աշխատանքներուն շուրջ համախմբելու ծրագիրները ընթացքի մէջ են արդէն։ Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ որոշ պարբերականութեամբ տեղի կþունենան աշակերտական թերթերու խմբագրակազմերուն հետ քննարկումներ՝ երիտասարդական մամուլին կապուած զանազան խնդիրներու մասին։ Շուտով «Ազդակ»ի խմբագիրները քննարկումի հանդիպում պիտի ունենան Հայ Աւետարանական երիտասարդական միութեան կայքէջի պատասխանատու խմբագիրներուն հետ։ Հայրենի երիտասարդ լրագրող Սաթենիկ Ղարաբաղցեանի հետ երիտասարդական թերթերու խմբագիրներու հանդիպումին պիտի յաջորդեն երիտասարդական մամուլին յատկացուած այլ լսարաններ եւս։ Հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներու «Ազդակ»ի խմբագրատուն համախմբումին եւ երիտասարդական խաւը ներգրաւելու աշխատանքներու անհրաժեշտութեան մասին մեր ուղեգիծի ներկայացման առընթեր շարունակուեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած երիտասարդ տարրերու «Ազդակ»ի յարկին տակ վարժողական ծրագիրներու մասնակցութեան հերթական փուլը։

Այս հանգրուանին, տարբեր ոլորտներու՝ «Ազդակ»ի տպագիր եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու աշխատանքներուն մասնակցութիւն կը բերեն հետեւեալ երիտասարդ տարրերը.

Արազ Գոճայեան (Հայկազեան համալսարան, Հայագիտութիւն)

Արամ Սոմունճեան (Սեն Ժոզեֆ համալսարան, հաղորդակցական գիտութիւններ)

Ռուպինա Ալապաշեան (Լիբանանեան համալսարան, լրագրութիւն)

Նանոր Մահտեսեան (Ուաշինկթընի համալսարան, լրագրութիւն)

Փաթիլ Գալուստեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)

Վարժողական ծրագիրին մասնակցող երիտասարդներուն տեսակէտները, տպաւորութիւններն ու գնահատականները շուտով լոյս կը տեսնեն «Ազդակ»ի էջերուն մէջ։