ՅՈՎԵԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ
Անցեալ Փետրուարի արեւոտ օր մը, Հայրենիքի Հ1 կայանէն երկու լրագրողներ զիս այցելեցին Փարիզ՝ եւ հարցազրոյց մը արձանագրեցին: Վերջերս, հետաքրքրութեամբ դիտեցի սալիկ մը որ ուղարկուած էր ինծի Հ1-էն, եւ կը պարունակէր անցեալ Յունիս ամսուն հեռասփռուած յայտագիրը: Հոս պէտք է ընդունիմ որ հեռատեսիլի, եւ ի միջայլոց Հայրենիքի հաղորդումներէ ընդհանրապէս անտեղեակ եմ:
Հաղորդումի «Ծագումով Հայեր» խորագիրը զարմանք պատճառեց ինծի: Արդեօք ե՞ս սխալմամբ ծագումով հայերու հաղորդումի մէջ ինկած էի, կամ թէ հաղորդումը տարօրինակ ձեւով անուանուած էր. որպէս թէ սփիւռքահայերը չըլլային բառին բուն իմաստով՝ ամբողջութեամբ հայեր, այլ՝ ըլլային նախ ուրիշ բան, ետքը՝ միայն ծագումով հայեր: Կուշտը անօթիին վիճակէն եւ հողին վրայ ապրողը՝ ղարիպին զգացումներէն չեն հասկնար: Հողէն զրկուողը որոշապէս աւելի կը կառչի ձեռքը մնացածին՝ անունին, լեզուին, մշակոյթին եւ ազգութեան:
Հարցազրոյցը յաջողապէս համակարգուած էր, այսուհանդերձ, անաւարտ մնացածի զգացումը կը թողէր: Արդարեւ, հարցազրոյցի ընթացքին կ'արտայայտուիմ «որպէս Հայ՝ ունեցած երկու մտահոգութիւններուս» մասին, կը ներկայացնեմ անոնցմէ առաջինը, եւ յանկարծ վերջ կը գտնէ հաղորդումը:
Ազգի եւ հայրենիքի բարգաւաճումը ինծի համար էութեան պատճառի համապատսախան նկատելուս, ներքեւ կը կրկնեմ երկու հարցերը:
Առաջինը, որ հաղորդուած էր, սփիւռքի գոյատեւումն է: Թէպէտ Միջին Արեւելքի մեր գաղութները դարերու պատմութիւն արձանագրած են, յանուն իրաւատեսութեան, պէտք է ընդունինք որ Քրիստոնէական մշակոյթի երկիրներու մէջ, շուտ կը շաղուինք... կը ձուլուինք: Այսօր ու՞ր են տասներորդ դարու Ղրիմի մէջ մեծամասնութիւն կազմող, կամ տասնեօթներորդ դարու Լեհաստանի երեք հարիւր հազար հոգի հաշուող գաղութները: Յիսուն տարի ետք ի՞նչ որակի սփիւռք պիտի ունենանք, եւ ան ի՞նչ մակարդակի նպաստ պիտի բերէ ազգին, մշակոյթին եւ Հայրենիքի բարգաւաճման:
Երկրորդ եւ չհաղորդուած մտահոգութիւնս, Հայրենիքի աւելի արագընթաց բարցաւաճման հարցն է:
Վերջին տարիներու ակնյայտ տնտեսական յառաջխաղացքը
կը բացառէ գաւառը, եւ մասամբ երեւութական է: Դժբախտաբար՝ Համմըր կամ Մէրսէտէս ինքնաշարժերու բարձր համեմատութեամբ չ'որակուիր երկրի մը տնտեսութեան առողջութիւնը: Ճիշդ է որ միջազգային դրամատունը շատ բարձր կ'արժեւորէ անցեալ տարուայ Հայաստանի միջին եկամուտի արձանագրած 13 տոկոսի աճը, սակայն մենք պէտք չէ գոհանանք թիւով մը որ Ափրիկեան կամ Հարաւ-արեւելեան ենթազարգացած երկրի մը գոհունակութիւն կրնայ պատճառել: Մենք ունինք հազարաւոր տարիներու մշակոյթ, ունեցած ենք Սովետական շրջանին որոշ արդիւնաբերական ճարտարարուեստի փորձառութիւն, ունինք զարգացած ժողովուրդ, եւ բազմատեսակ փորձառութիւններով օժտուած Սփիւռքի նեցուկը: Մեր թիրախը, փոխան աճի տոկոսին, պէտք է ըլլայ բարձրացնել Հայաստանի միջին եկամուտի մակարդակը, ներկայի մօտ երեք հազար Եւրոյէն, առնուազն Եւրոպական Միութեան միջինին, որ 2007 թուականին քսան հազար Եւրօ էր:
Խնդիրը նախագահի մը, կամ կառավարութեան մը վրայ չի կայանար, այլ` ընդհանուր, Սովետական շրջանէն ժառանգուած տնտեսական դրութեան վրայ: Նոյնիսկ ամենապարկեշտ եւ անշահախնդիր նախագահ մը, առանց ուժեղ զօրաւիգի չի կրնար փոխել դրութիւնը: Առողջ պետութիւն մը հիմնուած կ'ըլլայ առողջ աշխատավարձ ստացող պետական պաշտօնեաներու, եւ իր կարգին հաշուեքննիչներու վրայ: Աշխատավարձեր, ֆինանսաւորուած տուրքերով: Տուրքեր՝ համեմատուած իւրաքանչիւրի եկամուտին. քիչ շահողէն ոչինչ, շատ շահողէն շատ:
Ներկայի դրութեամբ եւ աշխատավարձերով, բուժքոյր մը կամ ուսուցչուհի մը «կ'ապրի» շնորհիւ «նուէրներու» ստացուած քաղաքացիներէ. եւ դժուար է փոխել այսպիսի սովորութիւններ ու մտայնութիւններ: Քաղաքացին համոզել փոխելու սովորութիւնը, որ փոխան նուէրի, որու արդիւնքը անմիջական է, վճարէ տուրք. տուրք՝ կառավարութեան, որու պատկերը վստահութիւն չէ ներշնչած սերունդներէ ի վեր. դիւրին չէ, բայց ոչ անկարելի:
Այսպիսի զարգացում կարելի է ստանալ, սերունդի փոփոխութեամբ, առ նուազն երեսուն տարուայ ընթացքին, կամ պատրաստուած ծրագրով մը, հինգէն տասը տարուայ ընթացքին: Պէտք եղած յեղաշրջումը, կը կարօտի «Մարշալ ծրագրի» մը, արագընթաց եւ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու: Մեքանիզմի մը ամբողջական փոխարինումը ուրիշ տեսակի մեքանիզմով մը, կարելի չէ իրականացնել ընթացաբար, փոխարինելով կտորները մի առ մի, մինչ մեքենան ընթացքի մէջ է:
Զարգացման միջին եզրի արդիւնքները պիտի ըլլան վստահութեան հաստատում՝ ներքին եւ արտաքին, ներդրումներու յաւելում, անգործութեան նուազում՝ մինչեւ չգոյութիւն, աշխատավարձերու յաւելում, եւ հայրենադարձ՝ սփիւռքահայերու որոշ հատուածի մը: Ո՛չ, այս ցնորք չէ, ո՛չ ալ երեւակայական: Ֆրանսայի, Քանատայի, Հոնք
Քոնկի եւ Չինաստանի մէջ հիմնարկներ հաստատելէ, եւ Հայրենիքի տնտեսական մթնոլորտի ու աշխատաւորներու հետ շփումէ ետք, քաջատեղեակ եմ մեր կարողական վիճակէն. բաղդատութեան եզր չկայ Հայրենի, եւ Հարաւ-արեւելեան երկիրներու արհեստավարժ աշխատաւորներու հմտութեան որակի, հասկացողութեան եւ յարմարացումի կարողութիւններուն միջեւ:
Այսպիսի բաղձալի կառոյցի մը համար, սփիւռքի մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է: Նախ՝ հարուստ իր արեւմտեան տնտեսութիւններու կառավարական պաշտօններու, կամ սեփական արդիւնաբերութիւններու փորձառութիւններով, բարեփոխութեան ծրագրի մշակման իր մասնակցութիւնը բերելով. ետքը, ծրագրի առաջին փուլի ֆինանսաւորման բաժնեկցելով. եւ ի վերջոյ, զօրաւիգ կանգնելով տեղւոյն իշխանութեանց, որոնք ի գործ պիտի դնեն զայն. այս ունենալով նպատակակէտ, վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին, եւ «համոզել» ներկայի տնտեսական համակարգին կարեւոր դերակատարները, ընդունիլ ըլալիք բարեփոխութիւնները: Բնականաբար ծրագիրը ի գործ պէտք է դրուի տեղւոյն քաղաքագէտներու ղեկավարութեամբ:
Հ1-ի հաղորդումը վստահաբար ժամանակի սահմանափակման պատճառաւ «խուզած» էր վերոյիշեալ մտահոգութիւններէս երկրորդը. մտահոգութիւններ, որոնց ուղղութեամբ յուսով եմ որ Սփիւռքը ի վերջոյ պիտի զգաստանայ, եւ կառուցաւորուի, իր պատասխանատուութիւնը վերցնելու համար: Վերցնելու պատասխանատուութիւնը, որ առ նուազն մենք ալ երկու սերունդ ետք չդառնանք ծագումով հայեր:
Փարիզ