ԵԹՈՎՊԻԱՑԻԻՆ ՅՈՅՍԸ

Արաբական ծոցի շրջանի գլխաւոր երեւոյթներէն մին է գոյութիւնը օտարազգի բանուորական աշխատակազմին: Անոնք, ձգելով տուն եւ ընտանիք, կու գան այսպէս ըսուած «աւետեաց» երկիրները՝ քիչ մը աւելի օրապահիկ շահելու համար: Բայց այդ քիչ մը աւելի օրապահիկին հետ կայ կեանք մը՝ լեցուն, դժուար եւ նոյնիսկ դաժան կենցաղով, որ կը զգլխէ ու կ՚անցնի մարդկային միտքն ու հոգին:

Անոնց դժուար այս կեանքը կը սկսի նոյնինքն օդակայաններէն: Երկար շարքերու մէջ անոնք կը սպասեն երկար ժամեր, նոյնիսկ՝ ամբողջ օր մը: Այդ շարքին մէջ անոնք կը կազմեն թիւ՝ թէ՛ իբրեւ քանակ, բայց նաեւ՝ թէ՛ անհատ: Անոնք իրենց մուտքի արտօնագիրները կը ստանան համապատասխան «թիւի» բարձրաձայն կանչով: Իսկ կեանքի պայքարը կը սկսի այդ ժամէն:

Արաբական ծոցի երկիրները՝ թիւով եօթը, այսօր կը հաշուեն մօտաւորապէս 45 միլիոն բնակիչ: Այս թիւին մօտաւորապէս 20 միլիոնը կը բաղկանայ օտարահպատակներէ, որոնց նաեւ կէսը կը կազմէ բանուոր աշխատակազմը: Աշխատաւորները կու գան առաւելաբար ասիական եւ ամերիկեան ցամաքամասէն:

Եթէ անոնք իրենց մայրենիին տառերուն հազիւ ծանօթ են, ապա այն պատճառով, որ «թիւ» ըլլալը անոնք ժառանգած են իրենց ծնունդէն...: Այդ օրերէն անոնք նետուած են կեանքի ասպարէզ, որպէսզի օգնեն ճարտարարուեստի զարգացման՝ մարդկային ներդրումի սեւ աշխատանքով: Տղամարդիկը կ՚աշխատին ու նաեւ կ՚ապրին բանուորական ճամբարներու մէջ, ուր խումբ մը ամբողջ կ՚ապրի մէկ սենեակի մէջ՝ զրկուած ամէն տեսակի տարրական պէտքերէ: Եւ պէտք է աշխատիլ երկար ժամեր՝ ապահովելու համար նուազագոյն ամսականը՝ 150-200 ամերիկեան տոլար: Անշուշտ եթէ ամսուան վերջաւորութեան չուշանայ վճարումը՝ այս կամ այն պատճառով...:

Թէեւ իգական սեռը կ՚ապրի յարաբերաբար աւելի «հանգստաւէտ» բնակարաններու մէջ՝ գործելով իբրեւ սպասեակ, բայց հոն ալ կայ կեանքի դժուարութեան միւս երեսը: Շատ է թիւը անոնց, որոնք կ՚ենթարկուին այլ «նեղութիւններու» իրենց վայելած աւելի բարւոք կեանքի պայմաններու փոխարէն:

Կ՚անցնին տարիները, եւ անոնք կը շարունակեն կեանքի պայքարը օտար ափերուն տան կարօտը ամուր սեղմած իրենց սրտերուն մէջ։ Այդ կարօտին մէջ կայ ընտանիքը, նաեւ՝ հարազատները: Բայց անպայմանօրէն նաեւ՝ հողը...: Ու անոնք կ՚ապրին ու կ՚աշխատին աւելի լաւ վաղուան տեսլականով: Այն համոզումով, թէ պիտի վերադառնան տուն՝ քիչ մը աւելի լաւ կեանք ապրելու, եթէ հասնին այդ աւելի լաւ կեանքին:

Այս «կարօտի» աշխարհին մէջ կը մտնեմ նաեւ ես՝ բաժնեկցելով այս բոլոր ազգութիւններուն եւ մշակոյթներուն յոյզերը եւ մանաւանդ՝ յոյսերը...: Անոնց պայքարին մէջ կը փորձեմ նաեւ տեսնել իրենց աւելի լաւ վաղն ու այդ օրուան հասնելու իրենց տենչը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ՚ապրին աւելի քան 50 հազար եթովպիացիներ: Մեծ մասամբ անոնք կը կազմեն իգական սեռի ներկայացուցիչները, որոնք կու գան աշխատելու բնակարաններու մէջ՝ իբրեւ սպասուհի: Եթէ մէկ կողմէ անոնք ճզմած են կարօտը իրենց սրտին մէջ, բայց անպայմանօրէն կ՚ապրին հողին եւ մշակոյթին երազով՝ քրիստոնէական հաւատքին ամուր կառչածութեամբ եւ անկէ առնելով վաղուան յոյսը:


Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան տնօրինութեամբ, եթովպիական եկեղեցիին նուիրեցինք աւելի քան 8 հազար Աստուածաշունչ:

Եթովպիական պաշտօնական լեզուով՝ ամհարէք, իւրաքանչիւր անհատ ստացաւ մէկ Աստուածաշունչի օրինակ՝ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին։ Եթովպիական Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ապա Տիմեթիոս պապ արարողութեան ընթացքին դարձաւ ինծի ու ըսաւ. «Այս մեր ժողովուրդը կու գայ այս ափերը ֆիզիքական ապահովութեան համար։ Մենք իբրեւ եկեղեցի՝ կու տանք իրենց հոգեւոր ապահովութիւն, իսկ դուք այսօր այս Աստուածաշունչով տուիք մեզի այդ հոգեւոր ապահովութեան գլխաւոր պատեանը»։ Եթէ աչքերուն մէջ կար գոհունակութիւն, բայց անպայմանօրէն՝ իր ու ժողովուրդին հաւատքին ու գոյութեան ամրօրէն կառչելու հսկայ վճռակամութիւն։

Եկեղեցական պատարագի արարողութենէն ետք ժամն էր մշակութային կենցաղին, խումբ մը երիտասարդներ, յատուկ եկեղեցական-ֆոլքլոր իրենց զգեստներով, կազմեցին մէկ շրջանակ։ Կար մեծ թմբուկը եւ թմբուկի իւրաքանչիւր զարկի հետ կային համապատասխան շարժումներն ու շուրջպարը...։ Եկեղեցիի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր ներկայ ունէր նաեւ իր բացագանչութիւնը։ Այսպէս ըսած՝ իր «լի-լի-լի»ն։ Բացատրեցին ինծի, թէ այս իրենց եթովպիական յատուկ մշակութային ժառանգն էր, որ յատուկ պարագաներու կը կատարէին եկեղեցական արարողութենէ ետք. իսկ յատուկ առիթը այդ օր Աստուածաշունչն էր՝ իրենց Մեծ նուէրը։

Կը դիտէի իւրաքանչիւրին դէմքը, անոնց շարժումները եւ շուրջպարը։ Բայց մանաւանդ թմբուկին հուժկու զարկերը եւ անոնց արձագանգը կը լեցնէին եկեղեցին՝ ուրախութեան աղմուկով։ Այդ աղմուկին մէջէն անոնք կ՚ապրէին իրենց երկրին կարօտը՝ հողը եւ մշակոյթը։ Իւրաքանչիւրը՝ իր ընտանիքը եւ հարազատները։ Այդ օր անոնք ետին ձգած էին իրենց յոյզերն ու ցաւը եւ կ՚ապրէին այդ պահը կարօտով...։ Կարօտը տան, բայց անպայմանօրէն՝ հողին ու մշակոյթին։ Իրենցն է, եւ կառչած անոր՝ կ՚ուզեն պահել զայն ամէն գնով։

Այդ օր իւրաքանչիւրը ստացաւ մէկ օրինակ Աստուածաշունչ մատեան. դրաւ զայն իր սրտին վրայ ու սեղմեց իր կուրծքին։ Անոնք Աստուածաշունչի ուժը կ՚ուզէին ներմուծել իրենց սրտին ու հոգիին մէջ՝ իբրեւ յոյսը՝ կեանքի շարունակականութեան, աւելի լաւ վաղուան, բայց անպայմանօրէն՝ իրենց հարազատ հողին ու տան մէջ։

Իրենց աչքերուն մէջ կար ուրախութիւն՝ քիչ մը շաղախուած արցունքով. անոնք կը դիտէին գոհունակ եւ երախտապարտ զգացումով։ Այդ աչքերուն մէջէն կը կարդայի մէկ յստակ իրականութիւն՝ «Պիտի շարունակենք ապրիլ այս յոյսով...»։

Անոնց հետ բաժնեկցեցանք նաեւ իրենց տան ու հողին հարազատ հացը։ Հացը կիսելով՝ կիսեցին իրենց սէրը եւ ստեղծեցին բարեկամութիւնն ու յարգանքը։ Մեր «հացն ու աղն էր», որ անոնք եւս՝ այդ օր դրին իբրեւ կեանքի արժէք։

«Հաց ու աղին», բայց նաեւ՝ պարին ու մշակոյթին մէջ, ես ապրեցայ այդ օր նաեւ ի՛մ ժառանգս։ Հայո՛ւն պարը եւ մշակոյթը։ Եւ այդ հուժկու թմբուկին զարկը նաեւ իմինս էր՝ մեր հայրենի ազգագրական ու մշակութային ժառանգը։ Եւ հոն, Ապու Տապիի մէջ, իւրաքանչիւր զարկին հետ, կը լսէի մեր ժողովուրդին զարկը՝ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, քիչ մը հոս ու հոն, որ կը փորձէ ապրիլ այդ կարօտով։ Հողին, տունին եւ մշակոյթին կարօտով։ Մենք ալ սեղմած շատ զգացում՝ կ՚ապրինք աւելի լաւ վաղուան տեսլականով, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ապրած վայրին մէջ իր պարն ու մշակոյթը կը փորձէ ապրիլ իր հարազատութեամբ։

Ես ալ բոլորին նման՝ դրի Աստուածաշունչը սրտիս վրայ ու սեղմեցի կուրծքիս։ Իրենց նայելով՝ ուզեցի ըսել իրենց. «Ե՛ս ալ կ՚ապրիմ այս յոյսով...»։

Եթովպիացիին յոյսը...։ Բայց անպայմանօրէն նաեւ՝ հայո՛ւն յոյսը։

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ