Քաղուած` Ջանասէր Մայիս-Յունիս 2008
Տօնական
«...Զարմանալի՞ է, ուրեմն, որ մեր տօնախմբութիւններուն մասնակցող հաւատացեալներու թիւերը կը պակսին. թէ՝ կը զարմանանք երբ մեր համայնքի զաւակները փոփոխութիւններու պայման կը դնեն, մեր եկեղեցիներուն, մեր ընկերակցութիւններուն եւ մեր հաստատութիւններուն կեանքին իրենց մասնակցութիւնը խոստանալէ առաջ: Զարմանալի՞ է, որ բնաւ տարօրինակ չի հնչեր այլեւս մեր ականջներուն՝ երբ մեր զաւակները անձնապէս կամ նիւթապէս «օգտուիլ» կը փորձեն մեր հաստատութիւններէն, եւ երբ չկարենան գտնել իրենց փափաքածը՝ պարզապէս կը դադրին յաճախելէ եւ մասնակցելէ, եւ կը ձեռնարկեն բամբասանքի:
Ըստ ոմանց՝ այս ընթացքը հետեւանք է մեր եկեղեցական դրութեան մէջ մեր ունեցած ազատութեան: Մեր տօնին կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, եւ կը յուսանք որ մասնակցութիւնը կատարեալ ըլլայ, եւ արդիւնքը կատարեալ: Իսկ երբ հակառակը պատահի՝ շատ հոգ չենք ըներ թէ հետեւանքները ինչ կրնան ըլլալ, եւ պատճառները ինչ են. առաւելագոյնին մէջ՝ կը փորձենք կարգ մը պահանջներու առջեւ տեղի տալ եւ տօնին մակարդակները սակարկել: Ասիկա լաւագոյն ձեւն է տօներուն ուրախութիւնը եւ իմաստը կորսնցնելու:»