CONDOLENCES

DEAR KARJIAN FAMILY,

MRS. REBECCA KARJIAN, POLIN, NAYIRI, SEVAN, REV. BALABANIAN, DATEV.

OUR CONDOLENCES FOR THE PASSING OF REV HOVH. KARJIAN, GODS GRACE AND PEACE TO YOU IN THESE DIFFICULT TIMES.

LOVE
MANUEL ASDGHIG MANOUKIAN
SYDNEY AUSTRALIA
_______________________________________________

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Սիրելի՛ տիկին Ռեբեկա Գարճեան
Օրդ. Փոլին Գարճեան
Վեր. Նայիրի Գարճեան
Վեր. եւ տիկին Ներսէս եւ Սեւան Պալապանեան
Տիար Պարթեւ Գարճեան
Բարեկամներ եւ գործակիցներ,

Ցաւով իմացանք վախճանումը մեր սիրելի վեր. Յովհաննէս Գարճեանին։ Եթէ նկարագրենք վերապատուելիին կեանքը, պէտք է ըսենք՝ «Կեանք մը համակ նուիրումի»։ Եւ նուիրումը վեր. Գարճեանի համար Քրիստոս եւ Անոր եկեղեցին էր, հայ ժողովուրդը, Հայ աւետարանական եկեղեցին եւ մարդկութիւնը ամբողջ։

Ան նուիրումով ծառայեց Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդին՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան դաշտին մէջ՝ վերցնելով շատ մը պատասխանատու պաշտօններ։ Այս իմաստով, վեր. Գարճեանի հետ բաւական երկար եղաւ իմ գործակցութիւնս։ Այս երկար ճամբուն մէջ, վերապատուելին առաջնորդեց, ղեկավարեց, յորդորեց եւ քաջալերեց։ Եղաւ հովիւ, առաջնորդ, բայց անպայմանօրէն նաեւ հայր եւ բարեկամ։ Վեր. Գարճեանի հետ մեր «երկար ճամբան» կերտած է յարգանքը, բարեկամութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը։ Իր նուիրագործուած կեանքը եղաւ մէկ խօսուն օրինակ՝ մեր հոգիներուն մէջ դրոշմելով սէրը Քրիստոսի, Անոր խօսքին եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Կը բաժնենք ձեր բոլորին ցաւը։ Եւ եթէ տխուր ենք այսօր՝ վեր. Գարճեանի վախճանումին առիթով, բայց նաեւ փառք կու տանք Աստուծոյ անոր կեանքին համար։ Կեանք մը, որ անդադար տրոփեց Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան սիրով՝ եւ այդ ծառայութեան գործընթացին մէջ ոչ մէկ ջանք չխնայեց։ Վեր. Գարճեանի կեանքի պատգամը՝ նուիրագործուած կեանք Քրիստոսի, եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան համար։

Անձնապէս, նաեւ Արտային, Վահէին եւ Ալիքին, ու Կիպրոսի Հայ աւետարանական եկեղեցիին անունով ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները։ Կը հայցենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը ձեր բոլորին համար։

Աղօթքով եւ յարգանքով,

ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ, ԿԻՊՐՈՍ