«Բայց մարդն է որ կ՛իյնայ, եւ ո՛չ թէ՝ Աստուած, ոչ ալ իր սէրը»

Այսօրուան աշխարհը արտաքին բաներու, ֆիզիքականի եւ կարողութիւններուն վրայ կը դնէ իր շեշտը: Սիրային տօնական առիթները կը վերջանան, բայց Աստուծոյ սէրը երբեք չի վերջանար: Քանի որ ան կապ չունի մարդուն հարստութեան, երիտասարդութեան, առողջութեան, եւ գոյնին հետ: Անշուշտ մարդ կրնայ վերջ դնել Աստուծոյ սիրոյն՝ մերժելով զայն: Բայց մարդն է որ կ՛իյնայ, եւ ո՛չ թէ՝ Աստուած, ոչ ալ իր սէրը: Աստուծոյ սէրը չիյնար, թէեւ մարդ կրնայ զայն վար ձգել, եւ այդ կերպով՝ Աստուած մեռած յայտարարել:
Ուրեմն՝ ամէն ատեն պէտք է ունենալ Աստուծոյ սէրը եւ ամէն պարագայի մէջ պէտք է սիրել: Մեր բոլոր ծառայութիւնները անիմաստ պիտի ըլլան, եթէ Աստուծոյ սէրը չի կառավարեր մեզ (Ա. Յովհ. 4.20): Միշտ սիրոյ ժեսթը ցուցաբերելու ենք, գութ յայտնելու ենք, իրաւունք ընելու ենք, բարի մտածողութիւն եւ վարմունք ունենալու ենք, զԱստուած սիրելու ենք ամբողջ սրտով, եւ ընկերը՝ մեր անձին պէս:
Չսորվինք աշխարհէն, թէ՝ երբ, ինչպէս եւ ինչու պիտի սիրենք: Սիրոյ լաւագոյն եւ մեծագոյն օրինակը Աստուծոյ սէրն է՝ որ անժամանց եւ անվախճան է: Երբ ամէն բան կը վերջանայ, Աստուծոյ սէրը կը մնայ: Հաւատացեալը այլ ընտրութիւն չունի:

Վեր. Յովհաննէս Սվաճեան

Քաղուած՝ «Երբ Վելընթայնը Վերջանայ...» խորագրով, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիի Լրատու, 1 Մարտ 2009 Թիւէն