Ջ.- Կրնա՞ք կարճ պատմագրական մը տալ Պատանեկան Արձագանգին ծնունդին, առաքելութեան ու նպատակին մասին:
Վեր.- Պատանեկան Արձագանգը հիմնուեցաւ 1936 Դեկտեմբերին: Անոր հիմնադիրն է Վեր. Մանասէ Շնորհօքեան: Ան կը վարէ անոր պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը մինչեւ 1968: Անոր հիմնադրութեան պատճառը եւ նպատակը կը գտնենք անոր խօսքերուն մէջ: Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն կ՛ըսէ, «Պատանեկան Արձագանգը պիտի ըլլայ արձագանգը մեր զգացումներուն, ձգտումներուն եւ կարողութիւններուն: Ան պիտի ըլլայ նաեւ հաղորդակցութեան միջոց մը հայ պատանիներուն միջեւ: Ան կու գայ իրարմէ տեղեակ պահել մեզ, իրարու միացնել եւ մեր մէջ ճշմարիտ բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն մշակել:» Հետեւաբար, վերոյիշեալ խօսքերը կը կազմեն Պատանեկան Արձագանգի նպատակը եւ առաքելութիւնը նաեւ այսօր 72 տարիներ ետք: Այս ամսաթերթը պիտի ջանայ հայ պատանիին տալ այլազան գիտելիքներ տարբեր մարզերու մէջ, եւ պիտի հանդիսանայ նաեւ բեմը ուր մեր պատանիները պիտի կարենան նաեւ իրենց գրական ստեղծագործութիւնները թուղթին յանձնել:
Ջ.- Ի՞նչ էին այն պատճառները որ Պատանեկան Արձագանգը լոյս չի տեսաւ անցնող 6 տարիներուն:
Վեր.- Դժբախտաբար եւ տարբեր պատճառներով, Պատանեկան Արձագանգը անցեալ 6 տարիներուն լոյս չի տեսաւ որպէս ամսաթերթ: Սակայն անոր 2003 – 04 – 05 տարիներուն յատուկ թիւը լոյց տեսաւ 2005 Յուլիսին: Պիտի չուզէի այստեղ անոր չհրատարակուելու պատճառներուն վերադառնալ, այլ կեդրոնանալ այն իրականութեան վրայ թէ Պատանեկան Արձագանգը դարձեալ կը հրատարակուի եւ ասիկա ինքնին դրական երեւոյթ մըն է արդէն մանկապատանեկան գրականութեան աշխարհին մէջ: Անշուշտ անոր հրատարակուելուն առիթով պէտք է շնորհակալութիւնով անդրադառնալ այն բոլոր անձերուն որոնք իրենց դրական ներդրումը կը բերէն յատկապէս աշխատակցութեամբ:
Ջ.- Ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել այս վերադարձին մասին եւ այս նոր թիւին մասին:
Վեր.- Այս վերադարձը ինքնին ուրախ երեւոյթ մըն է եւ միեւնոյն ատեն մարտահրաւէր այն անձերուն որոնք գործօն բաժին ունին այս վերադարձին մէջ: Այս մէկը բոլորին կողմէ կը պահանջէ մեծ յանձնառութիւն եւ նուիրում:
Ջ.- Որքա՞ն դժուար է այսօր մանուկին ու պատանիին հայերէն թերթը ու գիրքը սիրցնելը:
Վեր.- Այսօր, համացանցի եւ հեռատեսիլի աշխարհին մէջ, անշուշտ դժուար է պատանիին թերթը եւ գիրքը սիրցնել: Հետեւաբար այս մէկը ինքնին մարտահրաւէր մըն է մեր առջեւ: Մենք գիտակից ենք որ կը յաջողինք երբ նիւթերը այժմէական կը դարձնենք եւ հետաքրքիր, սակայն նոյն ատեն պէտք ունինք ծնողքներուն եւ ուսուցիչներու գործակցութեան եւ քաջալերանքին, յատկապէս երբ իրենց զաւակները եւ աշակերտները կը քաջալերեն թերթին հետ ժամանակ անցնելու:
Ջ.- Ի՞նչ նորութիւն պիտի բերէ Պատանեկան Արձագանգը:
Վեր.- Պատնեկան Արձագանգի մեծագոյն նորութիւնը կը կայանայ անոր նիւթերու զանազանութեան մէջ, առաջին հերթին: Մեր տեսիլքն է որ ապագային կարենանք իւրաքանչիւր թիւի մէջ, էջէրէն բաժին մը գունաւոր հանել: Նաեւ մեր տեսիլքն է որ պատանիներու մէջ հաղորդակցութիւնը զօրացնել գործածելով համացանցը, ստեղծելով պատանիներուն էջը, ուր անոնք պիտի կարենան իրենց կարծիքները արտայայտել եւ նաեւ մեր տեսիլքն է ունենալ Պատանեկան Արձագանգի “Website”ի, ուր ընթերցողներ Միջին Արեւելքի եւ Արտասահմանի մէջ կարենան նաեւ ունենալ կարելիութիւնը զայն ընթերցելու:
Ջ.- Ի՞նչ կրնաք ըսել Պատանեկան Արձագանգի կարդացողներուն` գալիք թիւերուն մասին:
Վեր.- Առաջին հերթին գալիք թիւերուն համար մեր ծրագիրն է զայն հրատարակել 2 ամիսը անգամ մը եւ զայն հասցնել ընթերցողին ձեռքին կանուխէն: Անշուշտ աստիճանաբար պատանիներ պիտի կարենան տեսնել անոր զարգացումը եւ պատրաստ ենք միշտ առաջարկներու մտիկ ընել: Նաեւ պիտի ջանանք յաջորդ թիւերուն մէջ, վիճակագրական սերտողութիւններ ներկայացնել տարբեր նիւթերու նկատմամբ պատանիներու ունեցած կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին: