ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՀԵՏ
Հինգշաբթի, 19 մարտ 2009-ին, «Հապթուր» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկազեան համալսարանի նոր շէնքի կառուցման յատկացուած հանգանակութեան ճաշկերոյթը։ Այդ առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ համալսարանի հանրային կապերու գրասենեակի տնօրէն Միրա Եարտըմեանի հետ։ Ան նկատել տուաւ, որ համալսարանի ուսանողութեան թիւը աստիճանաբար կը բարձրանայ, նաեւ՝ պաշտօնէութեան եւ դասախօսական կազմին թիւը. հետեւաբար համալսարանը կարիքը ունի յաւելեալ տարածութեան, նաեւ դիւրութիւններու, որպէսզի առաւելագոյն չափով կարենայ ծառայել ուսանողութեան։
Նոր շէնքը, որ կը գտնուի Մէյ Զիատէ փողոցին վրայ, գնուած էր երեք տարի առաջ՝ համալսարանի 50-ամեակին առիթով, եւ այդ օրէն ի վեր սկսած էին հանգանակութեան աշխատանքները։
Շէնքը ունի երկու նպատակ՝ վարչական եւ ակադեմական ծրագիրներ, պիտի բաղկանայ 6 յարկերէ, ընդհանուր 1200 քառակուսի մեթր տարածութեամբ։ Մ. Եարտըմեան շեշտեց, թէ շէնքը կը յատկանշուի իր աւանդութեան հնութեամբ. 80 տարուան շինութիւն է եւ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ դասուած է իբրեւ պատմական շէնք (դասակարգուած՝ Պէ.)։ Մ. Եարտըմեան նաեւ յայտնեց, թէ շէնքին արտաքին տեսքը պահուեցաւ նոյնը՝ ապահովելու համար իր հնութիւնը, իսկ ամբողջ շինարարութիւնը պիտի կատարուի ներքին բաժիններուն մէջ՝ ամէնէն արդիական ձեւերով։ Նախատեսուած է, որ ծրագիրը աւարտի դեկտեմբեր 2009-ին։ Յայտնենք, որ մամուլը օրին (2 ամիս առաջ) անդրադարձած էր շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան։
Անդրադառնալով ծախսերուն՝ Եարտըմեան յայտնեց, թէ հողին գումարը յատկացուած էր Հայկազեան համալսարանի պահ դրուած գումարէն։ Ընդհանուր ծախսը կը հասնի մօտաւորապէս երկու միլիոն տոլարի՝ առանց շէնքի ներքին կահաւորումին։ Գումարին 80 առ հարիւրը գոյացած է նուիրատուութիւններէ, խոստումներէ, նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու «Էյ. Էմ. Էյ. Էյ.»ի եւ Հայկազեանի հոգաբարձութեան տարած հանգանակութեան աշխատանքներուն միջոցով. իսկ 20 առ հարիւրը ապահովելու համար հանգանակութիւն պիտի կատարուի Լիբանանի մէջ, որպէսզի ցոյց տրուի լիբանանցիներու եւ լիբանանահայերու բաժնեկցութիւնը այս ծրագիրին։ «Կ՚ենթադրեմ, որ շատ անձեր կ՚ուզեն ծրագրին մաս կազմել իրենց նիւթական օժանդակութեամբ, որովհետեւ այդ ձեւով ի յայտ պիտի գայ իրենց ունեցած պատասխանատուութեան ոգին Հայկազեանի նկատմամբ՝ իբրեւ միակ հայկական համալսարանը, որ կը ծառայէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ անոնց հայթայթելով լաւագոյն ուսման մակարդակներ՝ մատչելի գիներով», հաստատեց Մ. Եարտըմեան։
Անդրադառնալով հանգանակութեան ճաշկերոյթին՝ ան յոյս յայտնեց եւ քաջալերեց, որ ամէն մարդ ներկայ գտնուի, որովհետեւ Հայկազեանը սովորութիւն չունի ճաշկերոյթներ կազմակերպելու եւ զանոնք կը վերապահէ կարեւոր ծրագիրներ իրագործելու համար։ Ան հաստատեց, թէ ճաշկերոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի շինարարական ֆոնտին, որ բացուած յայտարարուած էր երեք տարի առաջ՝ համալսարանի 50-ամեակին առիթով։ Գործադրուելիք գեղարուեստական յայտագիրին առնչութեամբ Եարտըմեան յայտնեց, թէ պիտի ներկայացուի հայկական ու լիբանանեան մշակոյթը արտացոլող պատշաճ յայտագիր, որ կ՚ընդգրկէ լիբանանեան հին, պատմական տարազներու ցուցադրութիւն, 16-20-րդ դարաշրջաններու ծանօթացում, Հայաստանի «Պատանի վերթիւոզներ» երաժշտական խումբի ելոյթ՝ ղեկավարութեամբ Ռուբէն Ասատրեանի։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Միրա Եարտըմեան յայտնեց, որ նուիրատուութիւնները սկսած են, եւ փափաքողները կրնան կապ հաստատել Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու գրասենեակին հետ՝ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն. 01/349230, ext. 365 եւ 03/938230։
Միրա Եարտըմեան
Քաղուած՝ Ազդակէն