Հայ Աւետարանական Դիմագիծ

Յարուցեալ Քրիստոս՝ Իր աշակերտներուն.- «Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ զօրութիւնով պիտի լեցուիք, եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք ...մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Գործք. 1.8

Ես չեմ ճանչցած հայրս, քանի որ ան իր երկնային հանգիստը մտած էր երբ ես մէկ տարեկան երախայ էի: Սակայն իր դիմագիծը տակա՛ւ կը յստականար աչքիս առջեւ երբ ատեն ատեն աչքերս յառած կը դիտէի մեր տան պատէն կախուած իր մէկ լուսանկարը: Յատուկ ուշադրութիւնս կը գրաւէին իր ակնոցին զոյգ ու հաստկեկ ապակիները, ինչպէս նաեւ բաց Սուրբ Գիրք մը ձեռքին, ու մէկ ցուցամատը հանգչած՝ համարի մը վրայ: Անշուշտ չէի կրնար ըմբռնել որ հայրս Պատուելի-աւետարանիչ մը եղած էր Սուրիոյ Իսքէնտերուն նահանգին Գրըքխան գիւղաքաղաքին եկեղեցիին մէջ: Իմ հաճելի զբաղմունքներէս մէկն էր խնամքով պահուած ակնոցը դուրս հանել պահարանէն, աչքիս վրայ զետեղելով զայն, ու ապա Սուրբ Գիրք մը բռնելով ձեռքիս մէջ՝ ջանալ ամէն կերպով իրեն նմանիլ: Մայրս կը պնդէր որ ես հօրս նման գեղադէմ չեմ եղած, ինչ որ շատ հոգ չէի ըներ: Փափաքս էր իրեն նմանիլ ամէն կերպով...:


Մեր աւետարանականութիւնը սկսաւ բաց Սուրբ Գիրքով: 1840-ական թուականներուն, վիճաբանական խիստ հետաքրքրաշարժ ասուլիս մը տեղի կ՛ունենայ Աւետարանական Շարժումի հիմնադիր, ու առաջին Հոգեւոր Հովիւին՝ Աբիսողոմ Իւթիւճեանի եւ Յովհաննէս Տէրոյենց Չամուրճեանի միջեւ: Աստուածաշունչը անբաժան ընկերն էր Իւթիւճեանի, հետեւաբար ան լաւ սերտած էր զայն: Իսկ Տերոյենց ճանչցուած էր իբրեւ հմուտ, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, ու շատ պահպանողական Հայ Արաքելական մը: Ժողովին սկիզբը Իւթիւճեան պայման կը դնէ որ միա՛յն Աստուածաշունչը պիտի ընդունուէր իբրեւ ճշմարտութեան ապացոյց եւ փաստ: Չամպուրճեանի ամէն մէկ դիտողութեան՝ Իւթիւճեան կը բանար Աստուածաշունչը, ու կը հերքեր իր ընդդիմախօսին տեսակէտը: Այս կերպով, «միա՛յն Աստուածաշունչով» լօզունգը դարձաւ իբրեւ հաւատամքը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին:


Հայ Աւետարանականներու ինքնութեան եւ դիմագիծին երկրորդ յատկանիշն էր այդ շրջանին՝ անոնց մաքրակրօն բարեպաշտութիւնը: Սխալ կամ շիտակ, անոնք ո՛չ ոգելից ըմպելի կը գործածէին, ո՛չ կը ծխէին, ո՛չ ալ – կիներու պարագային – շպար կը գործածէին: Այս տողերը գրողը իր երիտասարդութեան շրջանին բազմաթիւ առիթներով հեգնանքի առարկայ դարձած է ոչ-աւետարանական երիտասարդներու կողմէ, թէ՝ «բողոքական է, չի խմեր, չի ծխեր...» եւլն.: (Այժմ, ամենէն պահպանողական Աւետարանականն իսկ դժոխք չի ղրկեր մէկը որ այդ «անմեղ հաճոյք»ները կը վայելէ...): Ու տակաւին, մեզի՝ երախաներուս՝ արգիլուած էր Կիրակի օրեր դրամ ծախսել: Վա՜յ այն մանուկին կամ պատանիին որ Կիրակօրեայ դպրոցի համար իրեն տրուած դրամով պաղպաղակ կամ շաքար գնէր...: Ուրիշ հարց էր «բողոքական»ներուն գործածած հայերէն լեզուն: Արդարեւ մեր խօսած հայերէնը կը վխտար «քանզի»ներով, եւ «վասնզի»ներով: Այո՛, մենք կրնանք հպարտ ըլլալ որ աշխարաբար հայերէնով առաջին ու ամբողջական Սուրբ Գիրքը՝ 1850-ական թուականներուն՝ հայ աւետարանական թարգմանութիւնն ու հպարտութիւնն էր: Ու մեր հայրերը այնքա՜ն շատ կը կարդային Սուրբ Գիրքը, որ անոր լեզուն՝ անվրէպ՝ իրենց առօրեայ խօսակցութեան փոխադրուած էր: Պէտք է ըսել որ Սուրբ Գիրքի այդ աշխարաբար հայերէն հրատարակութիւնը միջոց դարձաւ արեւմտահայ աշխարաբար լեզուի ու գրականութեան զարգացման: Սուրբ Գիրքի ընթերցումին կ՛ընկերակցէր հաւաքական կամ անհատական աղօթքը: Ա՛յս էր մեր ընտանիքին Կիրակի առտուան բարեպաշտ սովորութիւնը: Սուրբ Գիրքի ընթերցումէն ետք, մայրս եւ հինգ որբուկներ՝ կը կատարէինք մեր անհատական, ու բարձրաձայն աղօթքները, հոգ չէ թէ մեր թոթով ու կիս-կատար լեզուով արտասանէինք զանոնք...:


Աւետարանչութիւնը երրորդ մեր յատկանիշն էր հին սերունդի հայ աւետարանականներուն: Առանձին պատմութիւն կը կազմէ հայ աւետարանական առաջին սերունդին կատարած աւետարանչական արշաւները Միջին Արեւելքի ու Հայաստանի մէջ: Այս մասին ունիմ ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ: Քիւրտիստանի հայերու մէջ հայ աւետարանականներու կատարած աւետարանչութիւնը նիւթ դարձաւ՝ նաեւ պաշտպան գտաւ՝ ԺԹ. դարու հայ մեծագոյն վիպասան Րաֆֆիին մօտ: Ան սաստեց աւետարանականները քննադատող չար լեզուները. «...Այժմ Դերսիմի մէջ բողոքականները մտնելով, սկսած են քրդացած հայերին Մեսրոպի տառերով Աւետարան կարդացնել. սկսել են մոռացված մայրենի լեզուն սովորացնել նրանց: Ի՞նչ ասենք այդ քարոզիչներին. ասե՞նք, թէ դուք գնացեք հեթանոսներին քարոզեցէք. դուք հայերի հետ գործ չունեք»: (Երկերի Ժողովածու, Հատ. ԺԱ. էջ 324 Երեւան): Հայ Աւետարանական աւետարանիչները իրենց գործունէութեամբ ո՛չ միայն Աւետարանի փրկութեան պատգամը հաղորդեցին հեռու թէ մօտ գտնուող մեր ազգակիցներուն, հապա իրենց աշխարաբար մաքուր հայերէնով սատարեցին հայ ազգապահպանումին:


ԲԱՑ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ, ԱՂՕԹՔԻ ԿԵԱՆՔԸ, ՀԱՄԱՐՁԱԿ ՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԲԱՐԵՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՒ ՔԱՋԱՐԻ, ԱՆՆԱՀԱՆՋ, ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԱԶՈՎ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆԸ կերտեցին Հայ Աւետարանական Շարժումին դափնեպսակը, եւ աստուածահաճոյ դիմագիծը: Արդեօք ներկայ Հայ Աւետարանական սերունդը կը համարձակի՞ նմանութեան եզր մը փնտռել իր եւ Հայ Աւետարանական առաջին սերունդին դիմագիծին միջեւ:

Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեան

Քաղուած՝ AMAA NEWS - May/June 2009