Կը խօսի՞ս Հայերէն

Վերջերս՝ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի «Ջանից.Օրկ»ը հարցազրոյց մը կատարեց, այդ կողմերը այցելող՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւին՝ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի հետ: Գլխաւոր նիւթն էր՝ «Ներկայ եկեղեցիներուն մէջ գործածուած լեզուն»:
Վերապատուելին իր պատասխանը սկսաւ, պատմելով՝ Պրազիլ իր կատարած վերջին այցելութեան մասին, յիշելով, թէ՝ եկեղեցւոյ ծառայութիւններուն եւ պաշտամունքներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կատարուի սպաններէն լեզուով: Այս տեղեկութիւնը վրդովեցուց զիս, ու վերջին տարիներու Հայ լեզուի համար ունեցած ըմբռնումս եւ հաւատքս՝ հաստատուեցան:
Երբ մեր եկեղեցիներէն հայերէնը կը հեռացնենք եւ օտար լեզու կը գործածենք, էութիւնս կը խանգարուի:
Քիչ մը այս նիւթին վրայ կ'ուզեմ ծանրանալ:
Հայոց Ցեղասպանութեամբ եւ հայերու գաղթականութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը եկեղեցիներ հաստատուեցան, ուր յաճախ ստիպուեցանք տեղական մշակոյթը ընդօրինակել, ինչու չէ նաեւ՝ նոյնանալ այդ երկրի մշակոյթին հետ: Սակայն, իմ հաստատ համոզումս է՝ որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն, եւ մեր պարտականութինը եւ «Վերին կոչում»ը այն է, որ պահենք մեր մշակոյթն ու ժառանգութիւնը: Երբ կ'անտեսենք զանոնք, անտեսած կ'ըլլանք պատիւն ու յիշատակը մեր նախահայրերուն, որոնք մեռան հաւատքին համար: Անոնք իրենց հայկական պատկանելիութիւնը ոչ միայն չուրացան, այլ եւ՝ իրենց նահատակութեամբ պաշտպանեցին:
Հայերէն լեզուէն հեռանալով, կը հեռանանք ու կը կորսնցնենք Մեսրոպ Մաշտոցի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ղեւոնդ Երէցի, Գրիգոր Նարեկացիի, Խրիմեան Հայրիկի եւ այլ հերոսներու փաղանգի յիշատակն ու անձնազոհ ներդրումը՝ ազգի պաշպանողական ճակատամարտներուն մէջ:
Յունիս 2007-ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. կ'ըսէ. «Մենք միշտ յիշելու ենք որ մեր նախահայրերը իրենց արիւնը թափեցին իրենց ինքնութիւնը պահելու ճամբուն վրայ, օտար լեզուներ գործածելու առաջարկները անընդունելի են: Նման քայլեր միայն ժխտական հետեւանքներ կրնան ունենալ»:
Երբ կը խորհիմ հայերէն լեզուին եւ մեր նախահայրերուն մասին, Ապրիլ 24-ի առթիւ պատգամ մը կը յիշեմ, որ լսեցի մի քանի տարիներ առաջ: Տեղական եկեղեցիի մը պատուելին խօսեցաւ ու պատմեց այն սարսափելի դէպքերը, որոնք պատահած էին ցեղասպանութեան օրերուն: Յատկապէս կը յիշեմ, թէ՝ ինչպէս մայրեր անապատի աւազներուն վրայ գրելով, հայերէն տառերը սորվեցուցին իրենց զաւակներուն: Մեր եկեղեցիներուն մէջ հայերէն խօսելով, պաշտամունքները հայերէն լեզուով կատարելով, ու մեր լեզուն սորվեցնելով՝ ներկայ սերունդին եւ գալիք սերունդներուն, պիտի պահենք մեր նախահայրերուն կտակը, որոնցմէ շատեր իրենց կեանքերը զոհեցին՝ իրենց երկրին ու ազգին համար:
Անշուշտ, կասկածէ վեր է, թէ՝ մեր առաքելութիւնն է Աստուծոյ Խօսքը
տարածել, ոչ միայն հայերուն մէջ, այլ՝ բոլորին: Այսուհանդերձ, այդ ճամբուն ընթացքին պէտք չէ մոլորինք մայրենի լեզուն գործածելէ՝ եկեղեցիներուն մէջ եւ բեմերուն վրայ: Հովիւներ պէտք է սորվին հայերէն լեզուն. այս՝ ժամանակի հրամայականն է, թեթեւի պէտք չէ առնել: Գուցէ այս մէկը դժուար ըլլայ անոնց՝ որոնք հայերէն կրթութիւն չեն ստացած եւ կամ հայ ընտանիքի մէջ չեն մեծցած. բայց անհրաժեշտութիւն է՝ եթէ կ’ուզենք խօսիլ հայկական ժառանգութեան մասին ու վառ պահել հայկական հոգին մեր եկեղեցիներէն ներս:
Ոմանք՝ ներառեալ նոր սերունդի անդամները, թերեւս այս նիւթը վիճելի գտնեն. բայց ասիկա այն նիւթերէն չէ՝ որոնց մասին կրնանք բանակցիլ ու սակարկել: Բոլորս ալ՝ իբրեւ հայեր, պէտք է հայերէն գիտնանք ու պէտք է հայերէն խօսինք. «Հայերէնը մեր մայրենի լեզուն է , ու մեր լեզուին համար սակարկութիւն չի կրնար ըլլալ» (Արամ Ա.):
Հայերէն լեզուի գործածութեան նահանջը՝ մեր եկեղեցիներէն ներս, վնասակար է թէ՛ Եկեղեցիին, եւ թէ՛ անոր անդամներուն: Այսպիսի վիճակ մը պիտի առաջնորդէ աւելի ընտելացած ու հանգստաւէտ կեանքի մը, օրէ օր պիտի հեռանանք հայերէն լեզուէն ու մեր տոհմիկ մշակոյթէն:
Թերեւս ասիկա դիւրին առաքելութիւն մը չէ եկեղեցիին համար, սակայն, ամէն հայու պատասխանատւութիւնն է, ուր որ ալ գտնուի ան՝ պահելու նախահայրերուն կտակը եւ վառ պահելու հայկական հոգին: Այս պէտք է սկսի եկեղեցիներէն եւ եկեղեցիի առաջնորդներէն, տան մէջ՝ մեր ծնողներուն, եւ դպրոցին մէջ՝ մեր ուսուցիչներուն հետ:
Վերջաւորութեան, կ'ուզեմ այն մէջբերումով աւարտել, որ Արամ Վեհափառը աւարտեց իր հայրապետական պատգամը, յիշելով՝ Խաչատուր Աբովեանի խօսքը.-
«Ձեզ եմ ասում, ձեզ հայոց երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւին մատաղ լինեմ, տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ պահեցէք»:


Սիրով՝
Դանիէլ Զէյթունեան


Փասատինա-Քալիֆորնիա
Թարգմանուած՝ Փասատինա 12/11/09