ԲԺԻՇԿՆ ՈՒ ԲԱՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾ
Վարպետ բժիշկ էր, մանկաբոյժ բժիշկ,
Իր այցեգինն ալ իսկապէս կիզիչ.
Իր մօտ կու գային միայն հարուստներ,
Քիչ անգամ աղքատ հայրեր զոհաբեր
Որոնք չեն փնտռեր հաշիւ նիւթական
Միայն թէ բուժուի իրենց երախան։
Եւ մի օր - եղա՞ւ - բժիշկին որդին
Ծանրօրէն հիւանդ՝ ինկաւ անկողին.
Ինք որ վախ չունէր իր կարողութեան
Իր տղուն համար վախցաւ այս անգամ.
Վատ բան պատահի՜ իր խնամքին տակ...,
Սա իր սիրելի զաւակն էր միակ։
Ու կանչել տուաւ բժիշկ, մասնագէտ,
Որ յանձնարարեց զօրաւոր մի դեղ։
Ինք դէմ՝ այդ դեղին, իսկ մերժել՝ անզօր,
Բժիշկ բերած է, ինք այդ յաճախորդ,
Կարո՞ղ ես մերժել բժիշկին տուածն
Ան քեզմէ բարձր, մասնագիտացա՜ծ,
Այցեգինն անոր տասնապատկուած.
Եւ պատահեցաւ, բոլորին ի ցաւ,
Վատթարագոյնը, երախան մեռաւ։
Կրնաք գուշակել վիշտը ծնողքին,
Ալ եռանդ չունէր բժիշկն իր գործին,
Եւ ան դադրեցուց բժշկութիւն, գործ,
Իրեն եւ կնկան բաւ էր դիզած փոշն։
Բայց տես որ մայրեր կ՚աղաչէին շատ
Դուռն իր զարնելով՝ մանուկներ շալկած։
Չէր ուզեր ըլլալ պատասխանատու
Թէկուզ մէկ հատիկ դէպքի մահացու։
Բայց մարդիկ այդքան ըրին աղաչանք
Ան գործի անցաւ դնելով պայման.
- Չեմ առներ ձեզմէ ոեւէ դրամ,
Կ՚ընդունի՛ք՝ երբ ինձ յանձնէք երախան
Թէ Տէրն է տուողն ու առնողն իր կեանք։-
Տարիներ այդպէս ան բուժեց ձրի,
Չտեսաւ երբեք մահ երախայի,
Ինք չէ՛ր բուժողը, Աստուա՛ծն էր բարի։
- Եւ դուք բժիշկնե՛ր դրամասէր, կծծի,
Մի մոռնաք՝ Յիսուս կը բուժէր ձրի.
Մի առարկէք՝ Ան նստած էր էշին,
Իսկ դուք պէտք ունիք Մերսետես կառքին։-
ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Վարպետ բժիշկ էր, մանկաբոյժ բժիշկ,
Իր այցեգինն ալ իսկապէս կիզիչ.
Իր մօտ կու գային միայն հարուստներ,
Քիչ անգամ աղքատ հայրեր զոհաբեր
Որոնք չեն փնտռեր հաշիւ նիւթական
Միայն թէ բուժուի իրենց երախան։
Եւ մի օր - եղա՞ւ - բժիշկին որդին
Ծանրօրէն հիւանդ՝ ինկաւ անկողին.
Ինք որ վախ չունէր իր կարողութեան
Իր տղուն համար վախցաւ այս անգամ.
Վատ բան պատահի՜ իր խնամքին տակ...,
Սա իր սիրելի զաւակն էր միակ։
Ու կանչել տուաւ բժիշկ, մասնագէտ,
Որ յանձնարարեց զօրաւոր մի դեղ։
Ինք դէմ՝ այդ դեղին, իսկ մերժել՝ անզօր,
Բժիշկ բերած է, ինք այդ յաճախորդ,
Կարո՞ղ ես մերժել բժիշկին տուածն
Ան քեզմէ բարձր, մասնագիտացա՜ծ,
Այցեգինն անոր տասնապատկուած.
Եւ պատահեցաւ, բոլորին ի ցաւ,
Վատթարագոյնը, երախան մեռաւ։
Կրնաք գուշակել վիշտը ծնողքին,
Ալ եռանդ չունէր բժիշկն իր գործին,
Եւ ան դադրեցուց բժշկութիւն, գործ,
Իրեն եւ կնկան բաւ էր դիզած փոշն։
Բայց տես որ մայրեր կ՚աղաչէին շատ
Դուռն իր զարնելով՝ մանուկներ շալկած։
Չէր ուզեր ըլլալ պատասխանատու
Թէկուզ մէկ հատիկ դէպքի մահացու։
Բայց մարդիկ այդքան ըրին աղաչանք
Ան գործի անցաւ դնելով պայման.
- Չեմ առներ ձեզմէ ոեւէ դրամ,
Կ՚ընդունի՛ք՝ երբ ինձ յանձնէք երախան
Թէ Տէրն է տուողն ու առնողն իր կեանք։-
Տարիներ այդպէս ան բուժեց ձրի,
Չտեսաւ երբեք մահ երախայի,
Ինք չէ՛ր բուժողը, Աստուա՛ծն էր բարի։
- Եւ դուք բժիշկնե՛ր դրամասէր, կծծի,
Մի մոռնաք՝ Յիսուս կը բուժէր ձրի.
Մի առարկէք՝ Ան նստած էր էշին,
Իսկ դուք պէտք ունիք Մերսետես կառքին։-
ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ