Անցեալները՝ «One man show» մը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան ժամանած էր, ներկայացնելու մի քանի «Stand-up Comedy»-ի երեկոներ. լիբանանահայութեան չափազանց հետաքրքրութեան պատճառով, մէկ օր եւս երկարեցան ելոյթները: Դժբախտաբար, ես ներկայ չկրցայ գտնուիլ: Բայց լսեցի, թէ՝ այս անձը բաւական ծիծաղած էր Աստուծոյ եւ Քրիստոնէութեան վրայ. իսկ ներկայ գտնուող հանդիսատեսներուն մեծամասնութիւնը զուարճացած էր անոր անեքթոտներով:
Վերջերս հեռուստացոյցի կայանի մը վրայ կը դիտէի «Stand-up Comedy» մը. կրնամ ըսել, թէ՝ անեքթոտներուն 95 % կա՛մ սեռային յարաբերութեան կամ ալ սեռային գործիքներուն մասին էր:
Այս երեւոյթը զիս շատ կը մտահոգէ:
Սկսայ մտածել, թէ՝ մենք հայերս, որ կը հպարտանանք թէ առաջին ազգն ենք՝ որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեցինք, ինչպէ՞ս կրնանք ուրախանալ եւ ծափահարել անձի մը՝ որ Աստուած եւ Քրիստոնէութիւնը ծիծաղի առարկայի մը կը վերածէ:
Իսկ այդ հեռուստացոյցի յայտագիրը, որուն 95 % անբարոյ նիւթեր վեր կ'առնէր, ինծի մտածել տուաւ թէ արդեօք այսքա՞ն մեր բարոյականութեան մակարդակը ինկած է: Ես կը կարծեմ թէ սորվելու ենք թէ ի՞նչ բանի ծափահարելու ենք եւ ի՞նչ բանի դէմ բողոքելու ենք: