Ջանքի՛ ընկերներ, օ՛ն մեր ուխտն յիշենք,
Բարիք գործելու կոչումն ունինք մենք.
Ջանքով եռանդուն, անխոնջ, անվհատ,
Սերմանենք բարիք, օրհնութիւն առատ:
Կրկ.
Արի՛ք ընկերնե՛ր, արդ պատեհ ժամ,
Նուիրուինք գործի միշտ ալ յօժարակամ.
Հունձքի օրն կուգայ, ուրախանանք,
Հունձքի Տէրոջ յարաժամ փառք տանք: