Ինչպէս որ գիտենք, Օգոստոս 5, 2007-ին Մէթն շրջանի ընտրութիւնները տեղի ունեցան: Նոյն գիշերը, շատեր կ՛սպասէին ընտրութիւններուն արդիւնքները: Մինչ գիշերը հեռատեսիլին վրայ կը հետեւէինք «Գէլէմ էլ-Նաս» (Peoples' Voice) յայտագրին, որուն հիւրերէն մէկն էր Հ.Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան, երբ յանկարծ հեռաձայնեց Պրն. Կապրիէլ Մըր եւ վարկաբեկիչ ձեւով խօսեցաւ Լիբանանի հայութեան մասին: Ետքը, նոյն գիշերը երբ մօտաւոր արդիւնքները յայտնի սկսան ըլլալ, նախկին նախագահ Էմին Ժիմաէլ քննադատեց հայերուն որոշումը ու դիրքը: Սակայն, այս բոլոր իրարանցումին մէջ գնահատելի էր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեանի կեցուածքը:
Այսպէս այս հարցին հանդէպ հայերը քով քովի կեցան եւ Ապրիլ 24-էն զատ ուրիշ առիթ մըն ալ ունեցան զիրար դիկունք կանգնելու:
Այսպէս այս հարցին հանդէպ հայերը քով քովի կեցան եւ Ապրիլ 24-էն զատ ուրիշ առիթ մըն ալ ունեցան զիրար դիկունք կանգնելու:
Յ. Կոճիկեան