ՌԱՔԵԼ ՏԻՆՔ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԱԾ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

Երկու տարի առաջ (2007 յունուար 19) Պոլսոյ մէջ թուրք ոճրագործ ստահակի մը կողմէ սպաննուած նահատակ Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքել Տինքի անունը լսուեցաւ Թուրքիոյ եւ միջազգային լրատուական միջոցներով: Հետաքրքրութեամբ հետեւած էինք Հրանդ Տինքի սպանութեան ծալքերը բացայայտող տեղեկութիւններուն, նաեւ՝ Ռաքել Տինքի ցուցաբերած կեցուածքին, արտայայտած միտքերուն, իր նահատակ ամուսնոյն յիշատակը յաւերժացնելու դիտաւորութեամբ զարգացող անցուդարձերուն:

Ռաքել Տինքը մօտէն տեսնելու եւ ծանօթանալու առիթ մը եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումը, Վարդանանց դիւցազնամարտի ոգեկոչման պաշտամունքին, հինգշաբթի, 19 փետրուար 2009-ին, Նոր Մարաշի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Վարդանանց նահատակութեան եւ քաջութեան նուիրուած պաշտամունքը կատարուեցաւ աղօթքով, հոգեւոր երգերով եւ բանախօսութեամբ, զոր ներկայացուցին Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետ. միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. Փոլ Հայտոսթեան: Օրուան յատուկ պաշտամունքին պատգամաբերը՝ տիկին Ռաքել Տինք հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր պատգամը, որուն հիմնական թեման եղաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ստացուած իր զգացումները՝ ծանր ու ցաւագին փորձառութեան մը լոյսին տակ:

Յուզումով ու հետաքրքրութեամբ հետեւեցանք իր խօսքերուն, զգացինք տպաւորութիւն մը, զոր մէկ բառով ամփոփելով՝ կրնանք հաստատել. Ռաքել Տինք հաւատքի զօրութեամբ կազմաւորուած քաջ հայուհին...

Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղած հոծ թիւով ունկնդիրները միայն հիացան ու զարմացան այս խիզախ կնոջ արտայայտած զգացումներուն, միտքերուն, չարին ու բարիին սահմանումներուն, իր կեանքին ամէնէն ճգնաժամային պահուն իր հոգեմտաւոր անդրադարձումներուն, իր դասը քաղած ու սորված ըլլալով միայն Սուրբ Գրային ընթերցումներէն, Նոր Կտակարանէն, հասնելով մինչեւ Յայտնութիւն Յովհաննու բաժինին, ուրկէ ստացած է իր հոգեկան զօրութիւնը՝ հիմնուելով այն սուրբ պատգամին, թէ Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի տկարութեան ենթակայ ըլլալու դժուար պահուն: Այսպիսի հոգեկան ցնցումներու պարագային մարդուն հողեղէն կառոյցը կրնայ ենթարկուիլ մինչեւ իսկ ֆիզիքական-մտային խախտումներու:

Երանի թէ մեր կիները ունենային նման կեցուածք, զարհուրելի ժամերուն: Վարդանանց զօրքին նահատակութեան ոգեկոչման առիթը մեզի յիշեցուց «Տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհ»ին թելադրական օրինակը, թէ իրենց նահատակ ամուսիններուն փոխարէն հայ իշխանազուն տիկնայք ստանձնեցին իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը, հրաժարեցան ճոխ կեանքի ապրելաձեւէն՝ շարունակելով հայակերտումի վսեմ գործը:

Թուրքիոյ հայատեաց վարչակարգին մէջ, որուն հովանաւորութեամբ անմեղներու սպանդը կը շարունակուի, քրիստոնէութեան սկզբունքներով իր ու իր ընտանիքին կեանքը գեղեցկացնող Ռաքել թողուց այն տպաւորութիւնը, որ ինք հաւատացեալ հայուհի մըն է, քրիստոնէութեամբ սնած, «Մահ իմացեալ անմահութիւն» է հաւատամքին հետեւող:

Մօտ 40 վայրկեան տեւողութեամբ իր կենսափորձէն դրուագներ պատմելով, չմոռնալով նաեւ այն տեղեկութիւնները՝ մամուլէն քաղուած, թէ անցնող «25 տարիներու ընթացքին 17 հազար ոճիր գործուած է Թուրքիոյ մէջ, բոլորն ալ՝ 14-16 տարեկան պատանիներուն ձեռքով»...

Քրիստոնէութեան փիլիսոփայութեան, անոր պատուիրած ՍԻՐՈՅ, արդարութեան, սկզբունքներուն հաւատացող այս հայուհին կը հետապնդէ պաշտպանութիւնը՝ իրաւունքին եւ կը շարունակէ բարձր պահել իր «քառասուն տարուան» ընկերոջ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակը, որ արդէն միջազգային ընկերութեան եւ արդարութեան հետապնդումը դարձած է:

Թէեւ առիթը տխուր էր՝ իբրեւ նահատակուած ամուսինի մը յիշատակը արտայայտող, բայց պաշտամունքին ներկայ եղողները հիացումով դուրս եկան եկեղեցիէն՝ ճանչցած ըլլալով Ռաքել Տինք քաջ հայուհին:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Քաղուած՝ Ազդակէն