Երէկ, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնին մէջ միութեան հրաւէրով «Ակօս» օրաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք Լիբանան իր այցելութեան առիթով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուած էին լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչները՝ նկատի ունենալով Հրանդ Տինքի մամլոյ գործիչ ըլլալու հանգամանքը։
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնատեղիի վարիչ քարտուղար պատ. Սեպուհ Թերզեան յայտնեց, որ Ռաքել Տինք Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ հրաւիրուած է իբրեւ պատգամաբեր՝ այսօր, առաւօտեան ժամը 10։00-ին Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Վարդանանց տօնին առիթով տեղի ունենալիք հաւաքական պաշտամունքին։
Պատ. Թերզեան նշեց նաեւ, որ Ռ. Տինք Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, երկու առիթով խօսք պիտի առնէ դպրոցական աշակերտներու հաւաքներու ընթացքին, պիտի այցելէ Այնճարի դպրոցները եւ եկեղեցիները, պիտի այցելէ նաեւ Հայկազեան համալսարան, ինչպէս նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ լիբանանահայ կնոջական միութիւններու հետ։
Այնուհետեւ Ռ. Տինք խօսք առնելով ուրախութիւն յայտնեց մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուող լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ ծանօթանալուն համար։ Անդրադառնալով իր ամուսնոյն սպանութեան դէպքին՝ Ռ. Տինք յայտնեց. «Մեծ ցաւ պատճառեցին մեզի, սակայն իր ուղին շարունակելու կը ջանանք»։
Խօսելով նահատակ իր ամուսնոյն մասին՝ Ռ. Տինք ըսաւ, թէ ան «կը փորձէր, որ մարդոց նկատմամբ քաղաքական գետնի վրայ թէ առօրեայ կեանքին մէջ աւելի արդար կեցուածք մը որդեգրուի։ Բոլոր համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն կ՚ուզէր, եւ որովհետեւ մենք ալ Թուրքիոյ քաղաքացիներ ենք, չէինք ուզեր իբրեւ երկրորդական համայնք նկատուիլ։ Մեր իրաւունքն էր թուրք ժողովուրդին պէս իրաւունքներ ունենալ։ Ըստ օրինի, նոյնն ենք, սակայն գործնականին մէջ՝ ոչ։ Ասոր պայքարը մղեց ամուսինս եւ ջանաց անիրաւութիւններուն դէմ կանգնիլ, սակայն այդ մէկը չհանդուրժեցին»։
Ռ. Տինք խօսեցաւ Հրանդ Տինքի անուան միջազգային հիմնարկին մասին, «որուն ճամբով ծրագիրներ կը մշակենք ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու համար»։ Այդ ծրագիրներուն շարքին են խորհրդաժողովներ, որոնց առաջինը, որ Ատանայի եւ անոր մերձակայ գիւղերուն նուիրուած էր, արդէն իսկ այս տարի տեղի ունեցած է, իսկ յառաջիկայ տարի պիտի կազմակերպուի նոյնպիսի խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Այնթապի եւ անոր մերձակայքին։
Ռ. Տինք խօսեցաւ նաեւ «Խիղճի տան» մը ծրագիրին մասին, որուն ուղղութեամբ սակայն տակաւին գործնական քայլեր չեն առնուած։ Ան ըսաւ, թէ սոյն եւ այլ ծրագիրներու ճամբով աշխատանք կը տարուի մարդոց իրաւունքները յիշեցնելու, մարդոց մէջ իրենց մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ գիտակցութիւն արթնցնելու, որպէսզի իշխանութիւնները հասկնան, թէ իշխանութիւնը որոշ սահմանափակումներ ունի։ «Երբ մարդիկ իրենց խղճին հետ յարաբերութիւն ունենան, այն ատեն պիտի գիտնան, թէ իրենց իրաւունքը ինչ է. երբ խիղճը ցաւ զգայ, պիտի զգայ, որ ուրիշն ալ խիղճ ունի եւ ուրիշն ալ ցաւ կը զգայ։ Զգացումները ապրեցնելու ճամբով է, որ կը փորձենք հասարակութեան մէջ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ գիտակցութիւն յառաջացնել», ըսաւ ան։
Ռ. Տինք ներկաներուն նաեւ ըսաւ, թէ 2010-ին Եւրոպական Միութեան կողմէ Պոլսոյ միջազգային քաղաք հռչակման ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած է Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին ներկայացուցած՝ մամլոյ գրութեանց ճամբով ատելութեան սերմանման երեւոյթները պարզող մէկ ծրագիրը։
Քաղուած՝ Ազդակ