Ի. Դարու Ամերիկեան գրականութեան պատկառելի եւ հռչակաւոր դէմքերէն մէկն է Ուիլիըմ Սարոյեան: Յատկապէս 1940-ական եւ 1950-ական թուականներուն ան վայելեց ջերմ եւ լայն ժողովրդականութիւն Ամերիկեան եւ համաշխարհային ընթերցող հասարակութեան մօտ, եւ արժանացաւ գրական մրցանակներու եւ բարձր գնահատանքի գրա-քննադատներու կողմէ:
Սարոյեան ծնած ըլլալով Ամերիկեան հողի վրայ եւ հասակ առնելով ու ծաղկելով նոյն միջավայրի մէջ եղաւ իսկական Ամերիկացի գրող մը: Սակայն եւ այնպէս ըլլալով գաղթական Հայ ծնողքի հարազատ զաւակ, եւ սնանելով եւ առինքնուելով Հայ հոգիով ան միաժամանակ եղաւ իսկական հայ գրող մը հակառակ այն իրողութեան՝ որ իր գրական լեզուն միշտ եղաւ ու մնաց Անգլերէնը: Որոշապէս իր անգլիագիր գրականութեան մէջ կը ճառաքայթէ Հայ ոգին:
Ահաասիկ այս ականաւոր ու մեծ Ամերիկացի/Հայ գրողին 100-ամեակին նուիրուած երեկոյթը կազմակերպուած էր, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Լեւոն Ֆէրմանեան գրադարանին կողմէ Ուրբաթ, 30 Յունուար, 2009-ի երեկոյեան Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի մէջ: 100-է աւելի Հայ գրասէրներու խումբ մը ներկայ էր այս հանդիսութեան: Ներկաներու մէջ շատ քաջալերական էր տեսնել նկատառելի թիւ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ մանաւանդ անոնցմէ ոմանց մասնակցութիւնը յայտագրին մէջ:
Ճիշդ որոշեալ ժամուն՝ ժամը 8-ին՝ ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց Միհրան Ճիզմէճեան՝ Ֆէրմանեան գրադարանի պատասխանատու գրադարանավարը: Իրեն յաջորդեց Տք. Անի Հասրճեան՝ օրուան հանդիսավարը՝ որ Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներով եւ ամփոփ գիծերու մէջ պատշաճօրէն պարզեց եւ իմաստաւորեց այս հանդիսութեան նպատակը: Ապա Անգլերէնով մէջընդմէջ կատարուեցան ընթերցումներ Սարոյեանի այլեւայլ գործերէն որոնք կ'արտացոլացնէին կարգ մը հիմնական Սարոյեանական գաղափարներ: Այս ընթերցումները տպաւորիչ կերպով կատարուեցան հետեւեալ երիտասարդ ուժերուն կողմէ.- Ռուբինա Շնորհօքեան, Դանիէլ Գալայճեան, Ռեմի Կիրկիզ, Միրնա Խաչերեան եւ Հրաչ Վարդանեան: Ջերմօրէն գնահատուեցաւ նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Երկրորդական Վարժարանի ուսանող Կարէն Հասրճեան որ հայերէն լեզուով ներկայացուց դպրոցական իր մէկ աշխատասիրութիւնը նուիրուած Սարոյեանի կեանքին:
Գեղարուեստական բաժնին մէջ յայտագրի սկիզբն ու վերջաւորութեան, իր գնահատելի ներդրումը ունեցաւ Վազգէն Գալճեան որ դաշնամուրի եւ ապա երգեհոնի վրայ հրամցուց հայկական կտորներ համեմելով հանդիսութեան մթնոլորտը: Իսկ երգչուհի Սօնա Հովսէփյան շնորհալիօրէն մեկնաբանեց Սայեաթ Նովայի «Բլբուլի Հիդ» երգը դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Սմպատյանի:
Օրուան բանախօսն էր Գանատահայոց պատմութեան մասնագէտ եւ Like Our Mountains: A History of Armenians in Canada, մեծապէս գնահատուած պատմական ուսումնասիրութեան հեղինակ՝ Դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան Չրչիլ: Յարգելի բանախօսը շուրջ 45 վայրկեաններու մէջ հաճելիօրէն եւ պարզութեամբ ներկայացուց այն ընտանեկան ու ընկերային միջավայրն ու պայմանները որոնց մէջ Սարոյեան կեանքի եկաւ,, հասակ առաւ, կազմուեցաւ, պայքարեցաւ եւ ի վերջոյ յաջողեցաւ որպէս գրող: Պէտք է ըսել որ Դոկտ. Գաբրիէլեան ունկնդիրներուն հասկնալի դարձուց այն ժամանակը որուն մէջ Սարոյեան ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց որպէս Ամերիկացի գրող եւ որպէս Հայ Ամերիկացի գրող:
Իր փակման խօսքին մէջ Միհրան Ճիզմէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրին մէջ բոլոր բաժին վերցնողներուն եւ յատկապէս օրուայ բանախօսին, եւ ապա ներկաներու նկատողութեան յանձնեց որ Ֆէրմանեան գրադարանը ունի Սարոյեանի գրական գլխաւոր գործերը եւ հետաքրքրուողներ կրնան անպայման փոխ առնել այդ գիրքերը, ինչպէս նաեւ այլ Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուով բազմաթիւ հետաքրքրական եւ այժմէական գիրքեր – գրական, պատմական, կրօնական, գեղարուեստական եւն., բովանդակութեամբ:
Սարոյեան մեծ գրողին եւ մեծ Հայուն այս արժանի եւ իմաստալից հանդիսութիւնը փակուեցաւ Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Սամուէլ Ալպարեանի օրհնութեան աղօթքով, որմէ վերջ ներկաներ հիւրասիրուեցան Վեր. Մովսէս Ճանպազեան սրահին մէջ: Այս հիւրասիրութեան կողքին կարգ մը գրասէրներ առիթը ունեցան տեսնելու եւ ծանօթանալու եւ գնահատելու Լեւոն Ֆէրմանեան Գրադարանը:
Սարգիս Համպոյեան