ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ՕՐ ՄԸ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 15 փետրուար 2009, եղաւ յիշատակելի օր մը Ազունիէի ազգային բուժարանին համար։ Արդարեւ, այդ օր հաստատութիւն այցելեցին Հայ աւետ. Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Հայ աւետ. կեդրոնական մարմինի անդամներ՝ իրենց կողակիցներուն հետ։ Նաեւ բուժարան փութացած էին խնամակալութեան անդամներ՝ իրենց կողակիցներուն հետ։ Ասկէ զատ, Այնճարի Հայ աւետ. քրիստոնեայ Ջանից միութեան շուրջ 20 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւս բարձրացած էին բուժարան՝ պատսպարեալներուն համար իրենց հետ տանելով գուլպաներ եւ անուշեղէն։

Հաստատութեան տարեցները, պաշտօնէութիւնը եւ հիւրերը սրահին մէջ մէկտեղուելով՝ ունեցան պաշտամունքի պահ մը։ Երգեցողութիւնը առաջնորդեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան. ապա Կեդրոնական մարմինի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան խօսք առնելով՝ կարճ պատգամ մը փոխանցեց։ Հուսկ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ կատարեց օրհնութեան աղօթքը։

Ջանիցական երիտասարդները քանի մը ժամ անցուցին տարեցներուն հետ՝ խանդավառելով զանոնք։ Տարեցներուն ուրախութիւնը մեծ էր ի տես երիտասարդներուն ցուցաբերած ջերմութեան եւ անկեղծութեան։

Հիւրերը, խնամակալութեան անդամներուն եւ տնօրէնին ընկերակցութեամբ, այցելեցին հաստատութեան զանազան բաժանմունքները եւ իւրաքանչիւր սենեակ։ Խօսեցան տարեցներուն հետ, ինչ որ խանդավառեց իրենց հարազատներէն հեռու ապրող մեր մամիկներն ու պապիկները։ Նաեւ այցելեցին հաստատութեան եկեղեցին, ուր երգեցին Տէրունական աղօթքը։

Այցելութեան գլխաւոր թիրախը եղաւ հաստատութեանս «Կիւլպէնկեան» շէնքը, որ իր աւերուածութեամբ շատ տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Բացատրուեցաւ հիւրերուն, թէ խնամակալութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ այդ շէնքին վերանորոգութիւնը։ Իսրայէլեան ներխուժումի (1982) ընթացքին, ճակատին վրայ գտնուելով, շէնքը մեծապէս վնասուած եւ անգործածելի դարձած է։ Ներկայիս խնամակալութիւնը կը ծրագրէ հարկ եղած նիւթականը ապահովել եւ այդ շէնքը նորոգելով՝ հաստատութեան մէջ ստեղծել ընդհանուր հիւանդանոցի բաժին։

Կէսօրուան ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում։ Խնամակալութեան անդամներէն Ճորճ Աբէլեան բացումը կատարելով հանդիպումին՝ տուաւ որոշ բացատրութիւններ։ Իր կարգին, մարմինի փոխատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան տուաւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ հաստատութեան արձանագրած նուաճումներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։ Հաստատութեան տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան ուժակէտով ( Power point ) ցոյց տուաւ հաստատութեան մասին իր կողմէ խնամքով պատրաստուած խտասալիկը։ Յստակօրէն կը պարզուէր անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին նուաճումներուն պատկերը. հինին կողքին, նոր կացութեան պարզած տարբերութիւնը, յատկապէս նորոգութեանց վիճակը, չափազանց քաջալերական էր։

Վերապատուելիներ Մ. Գարակէօզեան եւ Փոլ Հայտոսթեան խօսք առնելով՝ գնահատեցին տարուած աշխատանքները։ Թելադրութիւններ ըրին ապագային համար։

Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, թէ հաստատութիւնը, որ 85 տարիներու կեանք ունի, կը պատկանի Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական յարանուանութեանց։ Կը վայելէ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի անմիջական հոգածութիւնն ու օրհնութիւնները։ Իր ծառայութիւնները, կրծքային հիւանդութեանց բաժանմունքով եւ տարեցներու տունով, կը մատուցէ հայ թէ ոչ հայ անհատներու։

Ինչպէս վերը նշուեցաւ, խնամակալութեան մտահոգութեան գլխաւոր առանցքը կը մնայ «Կիւլպէնկեան» շէնքին նորոգութիւնը եւ ընդհանուր հիւանդանոցի ծրագիրը։ Թէեւ այս ծրագիրը շատ մեծ գումարներու կը կարօտի, սակայն խնամակալութիւնը վստահ է, որ Աստուծոյ, զոյգ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն օրհնութամբ, մեր ժողովուրդին եւ մեծ թէ փոքր բարերարներու սրտագին մասնակցութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ այս մեծ եւ շատ անհրաժեշտ ծրագիրը յաջողցնել։

Լիբանանեան պատերազմի օրերուն մեծ աւերներ ճաշակած եւ մեկուսացած մնալու պարտադրանքէն ետք, այսօր Ազունիէի ազգ. բուժարանը շատ պայծառ ներկայութիւն դարձած է։ Կատարուած մեծ վերանորոգութիւններէն եւ բարեփոխութիւններէն ետք, հաստատութեան պատասխանատուները կը ձգտին յաւելեալ բարենորոգութիւններով ա՛լ աւելի պայծառացնել զայն ու դարձնել ազգային հիւանդանոց։

Ներկաները մեծապէս գնահատեցին արձանագրուած նուաճումները եւ մատուցուած ծառայութիւնները։ Խոստացան միշտ նեցուկ կանգնիլ այս կենսական հաստատութեան։

Երեկոյեան, խմբային լուսանկար առնուելէ ետք, այցելուները գոհունակ սրտով մեկնեցան հաստատութենէն։

Հաստատութեան ապաստանեալներն ալ այդ օր ուրախութեան զգացումով լեցուեցան։

Այս առիթով, կոչ կ'ուղղենք մեր ազգի զաւակներուն եւ հաստատութեանց, որ այցելութիւն տան Ազունիէ։ Նոյնիսկ իրենց այլ պտոյտներուն ընթացքին, հոգ չէ թէ կարճ, այցելութիւն մը տան Ազգ. բուժարան։ Այդպիսի այցելութիւններ մեր պատսպարեալները ( շուրջ 100 հոգի) կը լեցնեն ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ։

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Քաղուած՝ Ազդակէն