Տիկին Ռաքէլ Տինք

Տիկին Ռաքէլ Տինք այրին է անարգօրէն ահաբեկուած Հրանդ Տինքի: Ան ծնած է Սիլոփիի Հայկական Վարդօ գերդաստանի բազմազաւակ մէկ ընտանիքին մէջ: Հայրը՝ Սիյամենտ Եաղպասան, Վարդօ գերդաստանի աւագը, մէկ շառաւիղն է հայկական արեւէլեան նահանգներէն տարագրուած իր ընտանիքին, որ եկած եւ բնակութիւն հաստատած է Սիլոփի, Ճուտի լերան ստորոտը: Մայրը՝ Տելալ, կը մահանայ շատ կանուխ, երբ Ռաքէլ ութ տարեկան էր:

Թէեւ կորսնցուցած էին իրենց լեզուն, Վարդոյի Հայերը կը պահէին իրենց Հայ Քրիստոնէայ ըլլալու գիտակցութիւնը: Սիլոփիի այլ մանուկներու եւ իր երկու եղբայրներուն հետ՝ փոքրիկ Ռաքէլ կը ղրկուի Հրանդ Կիւզէլեանի վարած Պատանեկան Տունը. իր առաջին կայանը կ՛ըլլայ Թուզլայի ՔԱՄԲ ԱՐՄԷՆ-ը-, որ եկող մանուկները կը դիմաւորէր «Արմէնակներ եւ Արմէնուհիներ, Բարի Եկաք Քամբ Արմէն» գրութիւնը ճակատնոցի վերածած: Հոն եւ Պոլսոյ Պատանեկան կրթարանէն ետք՝ կանոնաւոր դպրոցը կ՛արգիլուի իրեն. իսկ ինք կը շարունակէ ուսանիլ մասնաւոր դասերու հետեւելով:

1976-ին ան կ՛ամուսնանայ Հրանդ Տինքի հետ, որուն ծանօթացած էր Թուզլայի Քամբ Արմէնին մէջ. հոն ալ կը կատարուի իրենց պսակադրութիւնը, յաղթահարելէ ետք կարգ մը ընտանեկան արգելքներ: Անոնք կ՛օրհնուին երեք զաւակներով՝ Պայծառ-Տելալ, Արարատ եւ Սերա. նաեւ Աստուած կ՛օրհնէ զիրենք երկու թոռնուհիներով՝ Նորա եւ Նարէ Տինք:

Տիկին Ռաքէլ ոչ միայն կողակից, այլ նաեւ բաժնեկից եղաւ իր ամուսնոյն, իր «Ջութակ»ին՝ Հրանդին, անոր տարած պայքարին եւ ջանքին մէջ: Քամբ Արմէնի հոգը եւ գրաւման դատերը, Եկեղեցիին եւ դպրոցին բնականոն կեանքին դիմաց խոչընդոտները, եւ վերջապէս՝ «Ակոս» թերթով աւելի ծանօթ՝ մարդկային իրաւունքներու, ան Ցեղասպանութեան ճանաչման անոր ոդիսականը, ան վերցուց իր «Ջութակ»ին հետ, մինչեւ անոր նահատակութիւնը: Տիկին Ռաքէլին նպատակը եղած է ըլլալ բարի անձ մը, առաքինի կողակից, մայր եւ մամիկ, ըստ իր վկայութեան՝ «այնպէս ինչպէս Յիսուս կ՛ուզէ որ ըլլամ:»