Ուրբաթ, 20 փետրուար 2009-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10։00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հրաւէրով, «Ակօս» օրաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք Լիբանան իր անդրանիկ այցելութեան առիթով այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն. եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ։ Ռ. Տինքին կ՚ընկերակցէին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ պատ. Սեպուհ Թերզեան։ Ծանօթացման այս հանդիպման ներկայ եղան պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, «Մասիս» ամսաթերթի ընդհանուր խմբագիր գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան, «Մասիս»ի պատասխանատու տնօրէն՝ Սարգիս Նաճարեան, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն՝ Կրեկուար Գալուստ եւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն՝ Ռիթա Պոյաճեան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան թրքահայութեան իրավիճակի եւ գոյատեւման վերաբերող բազմաթիւ հարցեր։
Անդրադառնալով իր ամուսնոյն սպանութեան դէպքին՝ Ռ. Տինք յայտնեց, որ ցաւը մեծ է, բայց պիտի ջանայ Հրանդի ուղին շարունակել, որովհետեւ ան միշտ պայքարեցաւ անիրաւութիւններուն դէմ, ինչ որ չհանդուրժեցին շատեր։
Ռ. Տինք անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած հիմնարկին, որ կը ջանայ ծրագիրներ մշակել մարդկային իրաւունքներու դաստիարակչութեան գծով, ինչպէս նաեւ՝ Ռ. Տինք խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ յառաջդիմական մտաւորականութեան այն նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք կը շարունակեն ողջ պահել Հրանդ Տինքի երթը եւ կը ձգտին վերականգնել արդարութիւնը՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան հասնելու համար։
Իր կարգին, հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց Ռ. Տինքի ազգային ոգին ու քրիստոնէական անձեռնմխելի հաւատքը եւ Հրանդ Տինքը դասեց իբրեւ ազգային հերոս աշխարհատարած հայութեան համար, որովհետեւ ան իր մահով դարձաւ բարի օրինակ յանուն արդարութեան պայքարող անհատներուն եւ միացաւ ազատութեան համար զոհուող նահատակներու շարքին։ Ամեն. հոգեւոր տէրը ըսաւ, թէ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը ունեցաւ դրական ազդեցութիւն մարդկային իրաւունքներու պահանջատիրութեան միջազգային մակարդակի վրայ՝ մաղթելով, որ Աստուած անոր կնոջ շնորհէ կամքի զօրութիւն եւ հաստատ հաւատք՝ շարունակելու համար այս վսեմ առաքելութիւնը։
Ամեն. հոգեւոր տէրը իր հիւրերուն տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայ կաթողիկէ համայնքին մասին՝ հրաւիրելով զանոնք այցելել Զմմառու դարաւոր վանքը։
Այցելութեան աւարտին, ամեն. հոգեւոր տէրը Ռաքել Տինքի նուիրեց հայերէնի թարգմանուած Կաթողիկէ քրիստոնէական վարդապետութեան մասին եւ Նարեկացիի նուիրուած հատորներ։ Իսկ իր կարգին Ռ. Տինք հոգեւոր տիրոջ նուիրեց Հրանդ Տինքի ջանքերով լոյս տեսած գրքոյկ մը՝ Պոլսոյ «Մանկանց բոյն» կառոյցին մասին։
ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ