Հինգշաբթի, 19 փետրուար 2009-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց նահատակ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ պատ. Սեպուհ Թերզեան:
Ռաքել Տինք վեհափառին լայն տեղեկութիւններ տուաւ նահատակ Հրանդ Տինքի գործունէութեան, սպանութենէն առաջ անոր ունեցած դժուարութիւններուն, ստացած սպառնալիքներուն եւ ապա սպանութեան ստեղծած մթնոլորտին ու դատավարութեան մասին:
Վեհափառը յայտնեց, թէ ոչ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնակցած էր Տինքի յուղարկաւորութեան, այլ նաեւ միշտ զօրավիգ կը կանգնի այն կեցուածքներուն ու աշխատանքներուն, որոնց լաւագոյն թարգմաններէն մէկը եղաւ Հրանդ Տինք: «Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, եւ մեր պահանջն է, որ ներկայ Թուրքիան ճանչնայ իր հայրերուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ապա, Ռաքել Տինք այցելեց Ապրիլեան նահատակներու մատուռը եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն: