ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան յատուկ հրաւէրով, չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2009-ին, Պէյրութ ժամանեց հայ ազգի նորօրեայ պայքարի հերոս եւ նահատակ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք։

Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի, 19 փետրուար 2009-ին, Վարդանանց տօնին նուիրուած պաշտամունքին իբրեւ պատգամաբեր, Ռաքել Տինք բազմահարիւր ներկաներուն փոխանցեց իր վկայութիւնը։ Ան պարզ եւ անկեղծ բառերով նկարագրեց իր ապրած դժնդակ կեանքի փորձառութիւնը, քառասուն տարի Հրանդ Տինքի կողքին ապրելով նախ իբրեւ ընկեր՝ որբանոցին մէջ, ապա՝ ամուսին եւ գաղափարի ընկեր։

Ռաքել Տինք շեշտեց այն իրողութիւնը, որ իրենց պայքարին մէջ գլխաւոր նեցուկը հանդիսացած է Տէր Աստուած, որուն կ՚ապաւինի մինչեւ այսօր։

Իր եռօրեայ կեցութեան ընթացքին Ռաքել Տինք այցելեց Արամ Ա. վեհափառին, Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին, հանդիպում ունեցաւ հայ մամուլի, լիբանանահայ կնոջական միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, այցելեց Այնճար, Պիքֆայայի Մեծ եղեռնի յուշարձանը, հանդիպեցաւ Հայ աւետարանական վարժարաններու բարձր կարգի աշակերտութեան հետ, տեսակցութիւն ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահութեան, դասախօսներու եւ պաշտօնէութեան հետ։

Իր բոլոր այցելութիւններուն եւ տեսակցութիւններուն ընթացքին Ռաքել Տինք խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ ոտնահարուած մարդկային իրաւունքներուն եւ այս կապակցութեամբ հիմնուած Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկի գործունէութեանց մասին։

Ռաքել Տինք Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին խորապէս տպաւորեց հայ գաղութը եւ իր թախծոտ ու մեղմ ժպիտով գրաւեց բոլորին սիրտերը։

Փառք կու տանք Աստուծոյ այս հոգեպարար հանդիպումին համար։

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 20 փետրուար 2009